2014-08-15 11:52:05

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի հանդիպումը Ասիայի երիտասարդութեան հետ` առաքելական ճամբորդութեան կեդրոնական հանդիպում։


Ուրբաթ, 15 օգոստոսի յետմիջօրէի ժամը 5,30-ին (Սէուլի ժամով - Հռոմի ժամով 10,30), Սոլմոէի` Քորէացի մարտիրոսներու նուիրուած սրբավայրին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը հանդիպեցաւ Ասիայի երիտասարդներուն հետ` առաքելական ճամբորդութեան կեդրոնական հանդիպումը։
Սրբազան Հայրը Սոլմոէի Սրբավայր ժամանեց 17,15-ին (10,15 հռոմի ժամով) ուր զինք դիմաւորեց սրբավայրին Ռէկտորը, ու միասնաբար ուղղուեցան այս առթիւ պատրաստուած հսկայական վրան, ուր համախմբուած էին երիտասարդները, Ասիայի երիտասարդութեան 6-րդ հաւաքին առթիւ, որուն բնաբանն է ''Ասիայի երիտասարդութիւն զարթիր, Մարտիրոսներու փառքը քու վրադ կը ցոլայ''։
Յայտնենք թէ Սոլմոէի Սրբավայրը եղած է ծննդավայրը շրջանի առաջին քահանայ` Հայր Անտրիու Քիմ Տիժոն-ի։
Հանդիպման ընթացքին տեղի ունեցան երգեցողութիւններ, գեղարուեստական ներկայացում ինչպէս նաեւ վկայութիւններ եւ երեք երիտասարդներու Քահանայապետին ուղղուած հարցումներ` մէկը Քամպոճայէն մէկը Հոնք Քոնկէն իսկ միւսը Քորէայէն։
Երիտասարդներուն ուղղած իր խօսքին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը վերյիշելով Սուրբ Պետրոսի խօսքերը Յիսուսի այլակերպութեան ի տես ''Տէր լաւ է մեզի հոս մնալ''(Մատթ 17,4) ըսաւ` ''այս ընդարձակ ժողովին, որ միասնաբար կը համախմբէ Ասիայի քրիստոնեայ երիտասարդները, կրնանք ըմբռնել Յիսուսի ներկայութեան փառքը իր Եկեղեցւոյ մէջ, որ կ՛ողջագուրէ իւրաքանչիւր մէկ ազգ, լեզու եւ ժողովուրդ, եւ որ ներկայ է իր Սուրբ Հոգւոյն զօրութեամբ որ ամէն ինչ` նոր, երիտասարդ եւ կենդանի կը դարձնէ։
Նորին Սրբութիւնը ապա շնորհակալութիւն յայտնեց երիտասարդներուն ջերմ ընդունելութեան ու անոնց վկայութիւններուն համար, մշակոյթներու զանազանութեան մէջ։ Ան ապա ակնարկեց Ասիայի Երիտասարդութեան 6-րդ հաւաքի բնաբանին, ընգծելով թէ ''Այսօր Քրիստոսը ձեր սրտի դռները կը բախէ։ Ձեզ կը հրաւիրէ ոտքի կանգնելու եւ կոչ կ՛ուղղէ նայելու այն բաներուն որ կեանքի մէջ իսկապէս կարեւոր են։
Ձեզ կը հրաւիրէ երթալու աշխարհի ճանապարհներու վրայ, ու բախելու սրտերու դռները անոնց որոնց կը հանդիպիք, զանոնք հրաւիրելով Զինք ընդունիլ իրենց կեանքին մէջ։
Այս ընդարձակ հաւաքը, մեզի թոյլ կու տայ հասկնալ այն ինչ որ Եկեղեցին կոչուած է ըլլալու` Աստուծոյ յաւիտենական ծրագիրին մէջ. Կառուցել աշխարհ մը ուր ամէնքը միասնաբար ապրին խաղաղութեամաբ եւ բարեկամութեամբ, դիմագրաւելով արգելքները, միացնելով բաժանումները, մերժելով բռնութիւններն ու նախապաշարումները։ Եկեղեցին միութեան սերմ մըն է – հաստատեց Սրբազան Հայրը - ու ապա ակնարկեց աշխարհի մէջ տիրող անարդարութիւններուն, հարուստի եւ աղքատի միջեւ կայացած անհաւասարութեան, հարստութեան, իշխանութեան ու հաճոյքի կռապաշտութեան որ ձեռք կը բերուին մարդոց կեանքի քնով։ Մեր շուրջ շատեր կը տառապին հոգեկան աղքատութենէ, առանձնութենէ եւ յուսահատութենէ, կարծէս ըլլար հոգեւորութեան անապատ մը, որ կը տարածուի աշխարհի մէջ եւ որ կը հարուածէ նաեւ երիտասարդները, անոնցմէ խլելով յոյսը, եւ նոյնիսկ կեանքը։ Այսուամենայնիւ այս է աշխարհը որուն մէջ դուք հրաւիրուած էք վկայելու յոյսի Աւետարանը։ Յիսուս Քրիստոսի աւետարանը որ նոր կեանք կը պարգեւէ մարդոց սրտերուն եւ կը բաերփոխէ ամէն մէկ իրականութիւն։ Այս է պատուէրը զոր կանչուած էք ձեր հասակակիցներուն հետ բաժնեկցելու։
Սիրելի երիտասարդ բարեկամներ` այս ժամանակաշրջանին Տէրը ձեզի կը վստահի – ըսաւ Քահանայապետը ու հարց տուաւ եթէ իրենք պատրաստ են այո՛ ըսելու Անոր, հուսկ ներկաներուն փոխանեցեց թելադրանքներ համապատասխանելու Քրիստոսի կոչին։ ''Վստահիլ Քրիստոսի զօրութեան, որ Իր ճշմարտութեան խօսքին միջոցաւ կը պարգեւէ իր շնորհքին ուժը''։ Մնալ Տիրոջ մօտիկ առօրեայ աղօթքի միջոցաւ որպէսզի Անոր հոգին ցոյց տայ Հօր կամքը''։ ''Սրտերն ու հոգիները ըլլան մաքուր սուրբ խորհուրդներու մատակարարութեամբ ու յատկապէս խոստովանանքի խորհուրդի միջոցաւ''։ ''Ժողովրդապետութեան կեանքին մասնակցութիւնը ըլլայ միշտ կենսունակ եւ առատաձեռն'' եւ ի վերջոյ ''Աւետարանը հակազդող լոյսերուն մէջ – ըսաւ Քահանայապետը – կը մաղթեմ որ ձեր խօսքերը, մտքերը եւ գործերը առաջնորդուին միշտ Քրիստոսի Խօսքի զօրութեամբ ու Անոր ճշմարտութեան ուժով. Ու մանաւանդ մի վախնաք համապասխանելու Անոր երբ ձեզ կը կանչէ հետեւելու ու ծառայելու զինք կրօնաւորական կեանքին մէջ։
Նորին Սրբութիւնը խօսքը աւարտեց Աստուածամօր եւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի բարեխօսութեան յանձնելով երիտասարդները։

Իր արտասանած ճառէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապը պատասխանեց իրենց ուղղուած երեք հարցումներուն խրախուսելով երիտասարդները միշտ մտիկ ընելու Աստուծոյ կամքին. Աշխատելու հաշտութեան համար երկու Քորէաներու միջեւ եւ աղօթելու այս առընչութեամբ ու ապա յոյս ունենալու թէ միութիւնը կարելի է որովհետեւ երբ նոյն լեզուն կը խօսուի ըսել է թէ կը պատկանինք միեւնոյն ընտանիքին – ըսաւ Ան – եւ նոյն ընտանիքի զաւակները կարող են ապրիլ միասնականութեան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.